2017-03-25 08:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Եւրոպային. Ներդրում կատարել` կեանքի, ընտանիքի ու երիտասարդներուն ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 մարտի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը զեկոյց մը կարդաց Եւրոպայի Միութեան երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին, Եւրոպայի Միութեան սկիզբը կնքող՝ Հռոմի Պայմանագիրի 60րդ տարեդարձին առիթով։ Հանդիպման ներկայ էին եւրոպական 27 երկիրներու պետերը, Եւրոպայի խորհրդարանի նոր նախագահ՝ Անթոնիօ Թայանի, Տոնալտ Թուսք՝ Նախագահ Եւրոխոհուրդի, Ժան-Քլոտ Եունքեր՝ նախագահ եւրոպական յանձնաժողովի։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Եւրոպայի հիմնադիր հայրերու աւանդին, ցամաքամասի միութեան հոգիին, քրիստոնէական արմատներուն, եւ ապագային։ Ան խօսքը ուղղելով Եւրոպայի մը, որ նոր ինքնութեան մը փնտռտուքի մէջ է, նկատեց, թէ պէտք է ցամաքամասը վերագտնէ այն դրդապատճառները, որոնք ներշնչած էին հիմնադիր հայրերը։ Միացեալ Եւրոպայի մը մէջ, որ եղբայրական եւ արդար կառոյց մըն է, պէտք է քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ մշակոյթի չափանիշը ըլլայ մարդը։ Եւրոպայի մարդկայնականութիւնը, երկրորդ պատերազմի խաւար տարիներէն ետք, հիմնուած էր անհատի վրայ։ Եւրոպայի միութեան գաղափարի սկիզբը մարդկային անհատի կերպարը եւ պատասխանատուութիւնն է, որ կը խմորէ նոր հազարամեակը աւետարանի եղբայրութեան հոգիով, ճշմարտութեան եւ արդարութեան կամքով։

Սրբազան Պապ կը յիշէ, թէ Եւրոպան “առանցին կանոններու գումար” մը չէ, այլ անոր հիմն է մարդու կերպարը իր անխախտելի արժանապատուութեամբ։ Արդէն սկիզբէն, “Եւրոպայի քաղաքական ծրագրի սիրտը միայն մարդ արարածը կրնար ըլլալ”։ Եւրոպան կանգուն է իր միութեան հոգիով։ Եւրոպայի հիմնադիր Հայրերը ուզեցին “միացեալ եւ բոլորին հանդէպ բաց Եւրոպա մը”, որ կը ջնջէր թշնամութիւնները, սահմանները եւ անցեալի ցաւալի հակասութիւնները։ Այսօր սակայն տարբեր պատկեր մը կը տեսնենք, կը նկատէ Սրբազան Հայրը, նշելով փախստականութեան եւ գաղթականութեան խնդրին, որ Եւրոպայի համար ծանր փորձութիւն մըն է։

Ներկայ ժամանակը մարտահրաւէրներու եւ առիթներու ժամանակ մըն է, մինչ այսօր Եւրոպայի մէջ ոչ թէ յոյսն է որ կ’իշխէ, ինչպէս հիմնադրութեան ժամանակ, այլ տագնապի իրականութիւնը, նկատի առնելով տնտեսական տագնապ, ընտանիքի տագնապ, հաստատութիւններու տագնապ եւ փախստականներու տագնապ։ Այս սակայն առիթ մըն է մեզի համար. “մեր ժամանակը որոշում կայացնելու ժամանակն է, որ մեզ կը հրաւիրէ քննել էականը եւ անոր վրայ կառուցել”։ Այն սիւները, որոնց վրայ հիմնադիր հայրերը ուզեցին կառուցել Եւրոպայի Տնտեսական միութիւնը, ատակ են այսօր եւս Եւրոպան դուրս բերելու տագնապէն։ Այս սիւներն են՝ “մարդ արարածը դնել կենդրոնի վրայ, գործունեայ զօրակցութիւնը եւ բացուիլ աշխարհի, խաղաղութեան եւ զարգացումի հետապնդումի եւ ապագայի հանդէպ։”

Սրբազան Հայրը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի խօսքերը, որ կ’ըսէր “Այսօր եւս, Եւրոպայի հոգին կը մնայ միութիւնը, որովհետեւ իր հասարակաց արմատներէն ալ անդին, խորին զգացումով կ’ապրի քրիստոնէական եւ մարդկային միեւնոյն արժէքները, ինչպէս մարդկային անհատի արժանապատուութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն, աշխատասիրութիւն եւ նախաձեռնութիւն, ընտանեկան սէր, կեանքի յարգանք, ներողամտութիւն, համագործակցութիւն եւ խաղաղութեան ցանկութեան, որոնք Եւրոպան բնորոշող կէրեր են։”

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ “Եւրոպական քաղաքակրթութեան սկիզբը քրիստոնէութիւնն է, առանց որուն արժանապատուութեան, ազատութեան եւ արդարութեան արեւմտեան արժէքները միշտ աւելի անհասկնալի կը դառնան։”

Եւրոպան պէտք է վերագտնէ իր նախնական յոյսը, ըսաւ Սրբազան Պապը առաջարկելով հինգ կէտեր։

Նախ՝ պէտք է մարդ արարածը ըլլայ “կենդրոնն ու սիրտը” եւրոպական հաստատութիւններուն։ Ասոր համար պէտք է վերագտնել կորուսեալ “ընտանեկան հոգին”։ Եւրոպան “ժողովուրդներու ընտանիք” մըն է, եւ ինչպէս ամէն ընտանիքի մէջ, այնտեղ ալ կան “զանազան զգայնութիւններ”։ Պէտք է սակայն զանազանութեան մէջ ցուցաբերել միութիւն մը։ Պէտք չէ որ բոլորը նոյնանման ըլլան, հիմնականը “ներդաշնակութիւնն” է։ “Այսօր Եւրոպայի Միութիւնը պէտք է վերագտնէ իր իմաստը՝ ըլլալ մարդոց եւ ժողովուրդներու ’հասարակութիւն’ մը։”

Երկրորդ՝ Եւրոպան պիտի վերագտնէ իր յոյսը գործունեայ զօրակցութեան մէջ, “որ ամենէն ազդու դարմանն է արդի ամբոխավարական ձեւերու դէմ։ Քաղաքականութիւնը կարեւոր դեր մը ունի, ան պէտք է “խուսափի մարդոց զգացումները չարաշահելէ՝ համակրութիւն շահելու նպատակով, այլ պէտք է զօրակցութեան հոգիով իրագործէ քաղաքական գործելակերպեր, որոնք կ’աճեցնեն Միութիւնը՝ ներդաշնակ զարգացումով։” Երկխօսութիւնը, մերձեցումը եւ փոխադարձ հասկացողութիւնը կ’ուղղուին դէպի ապագայ մը, ուր խաղաղութիւնը կը ծնի ընկերային արդարութենէն։

Երրորդ կէտին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ Եւրոպան պէտք չէ ինքզինք փակէ “կարծեցեալ ապահովութեան վախին” մէջ։ Փախստականութեան տագնապը պէտք չէ նկատուի լոկ տնտեսական կամ ապահովութեան խնդիր, այլ պէտք է ըմբռնուի իբր մշակութային մարտահրաւէր։ Բարեկեցութիւնը “կտրած է Եւրոպայի թեւերը” ըսաւ Քահանայապետը։ “Եւրոպան ունի գաղափարական եւ հոգեւոր ժառանգութիւն մը, որ իւրայատուկ է աշխարհի վրայ։ Կ’արժէ կրկին այս ճանապարհը բռնել՝ եռանդով եւ նոր թարմութեամբ։ Սա լաւագոյն միջոցն է՝ դարմանելու մեր ժամանակի արժէքներու բացը, որ բերրի հող է ամէն տեսակի ծայրայեղականութիւններու։”

Չորրորդ, Եւրոպան պիտի վերագտնէ յոյսը, “երբ ան ներդրում կատարէ խաղաղութեան զարգացումին”։ Ընկերային խաղաղութիւնը կը խափանուի, երբ գոյութիւն ունի թշուառ կեանք՝ առանց աշխատանքի եւ մարդավայել վարձատրութեան։ Չկայ նաեւ խաղաղութիւն մեր քաղաքներու արուարձաններուն վրայ, ուր կը մոլեգնին թմրանիւթն ու բռնութիւնը։

Հինգերորդ, Եւրոպան կրկին յոյս պիտի ունենայ, երբ զայն դնէ երիտասարդութեան վրայ։ Եւրոպան պէտք է երիտասարդութեան ապահովէ ուսում, կարելիութիւն ընտանիք հիմնելու եւ զաւակներ ունենալու՝ “առանց վախնալու, որ պիտի չհասնի հոգալու անոնց ապրուստը”։

Բաղդատելով 60-ամեայ մարդու մը հետ՝ Եւրոպան ոչ թէ կ’ընթանայ դէպի անխուսափելի ծերացում մը, այլ նոր երիտասարդ վիճակի մը կարելիութիւնը։ “Անոր յաջողութիւնը կախում ունի անոր կամքէն՝ շարունակելու համագործակցութիւնը, եւ անոր ցանկութենէն՝ կերտելու ապագայի հեռանկարով։” Պէտք է վերագտնել “եւրոպական նոր մարդկայնութիւն” մը, որ կազմուած է գաղափարներէ եւ շօշափելի իրագործումէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.